«Ամէն Օր Անդադար Փոփոխութիւն Ապրող Աշխարհի Մը Մէջ Թուրքիայէն Փոփոխութիւն Չսպասելը Մեկնաբանութեան Պակասի Ցուցանիշ Է»

[ A+ ] /[ A- ]

Արազ Գոճայեան

Հեռաձայնէն կը լսեմ Թապիթա Թօփարլաքի պոլսահայերէն «Բարեւ ձեզ»-ը՝ այնպէս, ինչպէս ամէն շաբաթ կը լսեմ համացանցային «Նոր Ռատիօ» ձայնասփիւռի կայքէջէն սփռուող «Օրն է կ՚անցնի» յայտագիրէն։ Քանի մը վայրկեան ետք կը հանդիպինք ու միասին կը քալենք Պուրճ Համուտի մէջ, որուն մասին գիտցածս ու չգիտցածս կը պատմեմ իրեն, բայց Թ. Թօփարլաք զբօսաշրջութեան համար չէր գտնուեր Պէյրութ եւ ատոր համար մեր կարճատեւ բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին իրեն հետ ունէր ուսի պայուսակ, ձայնագրող մեքենայ եւ տետրակ մը. ան կ՚այցելէր Պէյրութի Տիգրանակերտէն վերապրող սերունդին ու կ՚արձանագրէր անոնց յիշատակները, որպէսզի ատիկա եւս դառնար հայկական հաւաքական եւ ազգային յիշողութեան բաժին մը։

«Պէյրութ գալս «Հրանդ Տինք» հիմնարկին շնորհիւ է: Հրանդ Տինքը միայն մէկ նպատակի համար չէր պայքարեր, այլ Թուրքիոյ մէջ շատ մը նիւթերու մասին ըսելիքներ ունէր, եւ այդ պատճառով «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ զանազան ծրագիրներ կը կատարուին, ինչպէս՝ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, մշակոյթի պահպանման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման
համար զանազան տիպի աշխատանքներ եւ ծրագիրներ», կ՚ըսէ ան։

Թապիթա Թօփարլաք կ՚աշխատակցի «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հրատարակութիւններէն «Լռութեան ձայներ» (The Sounds of Silence) շարքին երկրորդ հատորին, որ կը կրէ «Տիգրանակերտի հայերը կը խօսին» ենթավերնագիրը։

«Այս աշխատութիւնը կը պատկանի «Բանաւոր պատմութեան ծրագիրին»(Oral History Projects) ծիրին, որուն նպատակն է Թուրքիոյ եւ հայոց պատմութեան «ուրիշ» տեսանկիւն մը տալ հանրութեան: Առաջին տարին Թուրքիոյ զանազան քաղաքները ապրող հայերուն, ինչպէս նաեւ իսլամացած հայերուն ընտանեկան եւ անձնական կենսագրական պատմութիւնները հաւաքեցինք: Այս կենսագրութիւններուն ամէն մէկը մեզի համար շատ կարեւոր են, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի տարբեր երջանկութիւններ եւ տխուր պատմութիւններ։ Մենք ալ կ՚ուզենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ աշխատիլ ու այս պատմութիւնները արձանագրել, որպէսզի չկորսուին: Այս ծրագիրին երկրորդ տարուան համար որոշեցինք տիգրանակերտցի հայերուն հայոց պատմութիւնները հաւաքել, աւելի ճիշդը՝ հասնիլ եւ մտիկ ընել անոնց, որոնք կապ մը ունէին Տիգրանակերտի հետ: Ասոր համար զանազան տեղեր գացինք, ինչպէս Հայաստան ապրող, Ամերիկա գաղթած, Տիգրանակերտ ապրող, բայց թրքացած տիգրանակերտցի հայերուն մօտ։ Ես ալ Պէյրութ բնակող Տիգրանակերտէն բռնագաղթած հայերուն այցելելու համար Պէյրութ եկայ: Այս ծրագիրին գլխաւոր նպատակը պատմութիւնները փրկել է։«Այսքան հոգի հաշուող ընտանիքէն այսքան մարդիկ առեր տարեր են, ուրեմն պէտք է ջարդը ընդունիք», ըսելը շատ պարզ կեցուածք մըն է, ըստ իս: Իսկ այսպիսի բան մը ըսելը կամ (հաւաքուած) բոլոր այս պատմութիւններուն քաղաքական նիւթերու համար շահագրգռելը շատ աւելի վատ է: Շատ միջոցներ կան այդ հարցը (Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը) լուծելու համար, մարդոց կեանքը այս նիւթին կեդրոն դնելը ինծի շատ տրամաբանական չի թուիր», կ՚ըսէ Թապիթա՝ հաւաքուած պատմութիւններուն ակնարկելով։
«Օրն է կ՚անցնի» հաղորդաշարը

Անդրադառնալով «Նոր Ռատիօ»¬ի «Օրն է կ՚անցնի» յայտագիրին՝ ան կ՚ըսէ. «Օրն Է կ՚անցնի» հաղորդումը կը վարեմ պարոն Բագրատ Էսդուգեանին հետ, որ «Ակօս» թերթի հայերէն էջերուն խմբագիրներէն մէկն է։ Յայտագիրէն կը սփռուի Թուրքիոյ քաղաքական եւ ընկերային հարցերուն մասին լուրեր ու մեկնաբանութիւններ, եւ ասիկա կը կատարուի ամէն Երկուշաբթի օրերը Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը եօթնին։ Ըստ նիւթին, տարբեր թեմաներով երաժշտութիւններ մտիկ կ՚ընենք, օրինակ
Կանանց օրուան շաբաթը մեր հաղորդումը այդ նիւթին կը նուիրենք եւ ֆեմինիստական շարժումներու վերաբերեալ երաժշտութիւն կը լսենք»։

«Նոր Ռատիօ»¬ի հաղորդումներուն մեծ մասը «Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան» կեդրոնէն կ՚ըլլայ, ուր զանազան աշխատութիւններ, աշխատանոցներ եւ ասուլիսներ կը կազմակերպուին հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ Թուրքիոյ քաղաքական
ընթացքին մասին», կը նշէ ան։

«Նոր Ռատիօ»¬ն կը պատկանի Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» շարժումին, որուն ծրագիրները, ըստ իրենց կայքէջին, կը միտին նպաստել Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներուն մտաւոր զարգացման, ընկերային յարաբերութիւններու բարելաւման եւ մշակութային աշխատանքներու զարգացման։ Թապիթա Թօփարլաք կը յայտնէ, որ՝ «Նոր Ռատիօ»-ն Թուրքիոյ մէջ տիրապետող միակ եւ բացարձակ ձայնի դէմ ծագում առած գաղափար մըն է. այդ պատճառով «Նոր Ռատիօ»¬ն նաեւ Թուրքիոյ
մէջ անձայն մնացած եւ լուսանցքայնացուած փոքրամասնութիւններուն լեզուներով ալ հաղորդումներ կը կատարէ: 4 Փետրուարին հաղորդումներու նոր շրջան մը մտանք, որուն իբրեւ արդիւնք այս տարի եօթը լեզուներով հաղորդումներ կը կատարուին՝
հայերէն, թրքերէն, քրտերէն, չեչեներէն, լազերէն, ատիկերէն եւ վրացերէն: Հոս կը հաղորդուին նաեւ բնապահպանման, կանանց հարցերու եւ «հասարակական անհնազանդութեան» վերաբերեալ այլընտրանքային յայտագիրներ»։

Պոլիս եւ Փարիզ՝ հայկական հետքերով

Պուրճ Համուտի մէջ մեր հանդիպումը կ՚աւարտի ու Թապիթա Թօփարլաք կը մեկնի Պոլիս, ապա ուսումը շարունակելու նպատակով Սեպտեմբեր 2012-ին կ՚անցնի Փարիզ եւ հոնկէ կը շարունակէ իր աշխատանքներն ու հաղորդումը։ Թապիթային հետ կը կապուիմ նաեւ Փարիզի իր փորձառութեան մասին խօսելու համար, եւ թափանցելով փարիզահայութեան եւ պոլսահայութեան միջեւ իր ունեցած փորձառութիւններուն մէջ՝ ան ինծի ուղղուած իր ե-նամակին մէջ կը գրէ. «Փարիզի մէջ կան մեծաթիւ հայկական միութիւններ եւ, ըստ ինծի, աւելի գործնական են, քան Պոլսոյ միութիւնները: Ներկայիս կը հետեւիմ «Երկիր եւ մշակոյթ» միութեան աշխատանքներուն, ԱԿՆ երգչախումբի փորձերուն, Մկնիկ աշխատանոցի մէջ շաբաթական դրութեամբ տեղի ունեցած հայերէնի եւ հայկական մշակութային գիտելիքներու բարելաւման աշխատանքներուն: Նախորդ ամիսներուն ահագին բան սորվեցայ անոնցմէ, երբ հոս եկայ հայերէնս աւելի զարգացաւ եւ հայերէնը ինծի համար ա՛լ աւելի գործնական լեզու մը դարձաւ, պատճառը չեմ գիտեր. թերեւս քանի որ տակաւին ֆրանսերէնին չեմ կրցած բաւական տիրապետել»։

Ակնարկելով հայերէն լեզուին՝ ան կը պատմէ. «Մենք տան մէջ հայախօս չենք։ Հօրս մայրենի լեզուն քրտերէնն է, արդէն մեծ մայրիկս դեռ քրտերէն կը խօսի: Հայրս կը պատմէ, որ երբ Պոլիս եկած է, դպրաց դասի մը մաս կազմած է. այն ժամանակ տակաւին հայախօս չէ եղած ան, իսկ երբ խմբավարը նկատած է այդ մէկը, շատ բարկացած է՝ ըսելով, որ «ինչո՞ւ դուն քու լեզուդ չես սորվիր». ատկէ ետք կամաց-կամաց հայրիկս սորված է հայերէն գրել եւ կարդալ։ Պիթլիսի մէջ ասորերէն գրել կարդալ կը սորվէր, բայց հայերէն չէր գիտեր, թէեւ հիմա այդ ալ շատոնց մոռցած է: Գալով մօրս, ան Պոլիս ծնած է եւ հայկական վարժարան յաճախած ։ Հանիս (մեծ մայրս) կþըսէր, որ անոնք տան մէջ միշտ հայախօս եղած են, բայց այդ ալ իր վախճանը ունեցած է՝ աւելի վատ, քան հօրս վիճակը։ Իմ մօրս կողմը քաստամոնցի են եւ գիւղական բարբառով կը խօսէին հայերէնը, եւ երբ մեծ մայրիկս (Պոլիս հաստատուելէն ետք) Պոլսոյ ընկերային կեանքին մէջ մտած է, իր ընկերները սկսած են ծաղրել անոնց հայերէնը եւ այսպիսով ալ մեծ մայրս ամչնալով, միշտ ուզած է հեռանալ այդ «Քաստամոնցի» բարբառէն եւ տան մէջ ալ լեզուական վարժութիւնը թրքերէնի դարձած է: Ինծի համար տխուր են այս բոլորը, մանաւանդ այն ժամանակին Պոլսոյ բնակչութեան՝ գիւղերէն Պոլիս նոր գաղթող հայերը ծաղրելը:

«Երբեմն կը նստինք ու փարիզահայ ընկերներուս հետ պոլսահայութիւնը եւ փարիզահայութիւնը կը բաղդատենք։Կը կարծէի, թէ Փարիզի հայ դպրոցները Պոլսոյ հայ վարժարաններէն շատ աւելի հայերէն կþուսուցանեն եւ հայ մշակոյթի դաստիարակութիւն կը ջամբեն, բայց երեւան եկաւ, որ Փարիզի հայկական դպրոցներուն մէջ ալ Թուրքիոյ հայկական դպրոցներուն նման խնդիրներ կան, թէեւ Թուրքիոյ մէջ հայերը խորթ զաւակ կը համարուին եւ փարիզահայութիւնը մեզմէ աւելի ազատ կ՚ապրի»։
Պոլիսը՝ հինին եւ փոփոխութեան միջեւ

Չէի կրնար չհարցնել իրեն Պոլսոյ մէջ կատարուած ցեղապաշտ ոճրագործութիւններու մասին, այս գծով ան կը յայտնէ. «Պոլսոյ հայկական թաղամասերէն Սամաթիոյ մէջ պատահեցած ահաւոր դէպքերուն վնասուած ծերուկներէն մէկն ալ իմ եղբօրս ընկերոջը հանին է (մեծ մայրը)։ Բայց կարծես մենք այլեւս ասոր ալ վարժուեցանք. այս ալ ուրիշ տեսակ հոգեբանութիւն մըն է, անհանգիստ ըլլալը մինչեւ մեր բջիջներուն մտաւ: Կը կարծենք, թէ այս կեանքը բնականն է մեզի համար, մինչդեռ ո՛չ: Պէտք է անպայման ըսել, թէ այսպիսի դէպքեր եթէ տասը-քսան տարի առաջ տեղի ունենային, գաղտնի կը պահուէին, բայց ներկայիս մեծ բողոքներ եւ ցոյցեր կը կազմակերպուին այս յարձակումներուն եւ այլ անարդարութիւններուն դէմ: Այս կը նշանակէ, որ այլեւս այնքան ալ «միս մինակ» չենք, եւ գոնէ այդ ցոյցերը
մեզի, ինծի ուժ կու տան: Պոլսոյ մէջ իսկապէս շատ բաներ փոխուեցան. քանի մը տարիներ առաջ Ցեղասպանութիւն բառին «ց»¬ն իսկ չէինք կրնար արտասանել, բայց այսօր ամէն կողմ ամէն բան կը խօսուի: Թէեւ տակաւին ամէն ինչ չէ բարելաւուած, բայց ասիկա բնաւ չի նշանակեր, որ ոչ մէկ բան փոխուած է կամ կը փոխուի»։

Խօսելով Պոլսոյ մէջ իր ապրած շրջանին մասին՝ ան կ՚ըսէ. «Պոլիս առօրեաս բաւական բազմազբաղ էր։ Դպրոցէն ետք կ՚երթայի «Հրանդ Տինք» հիմնարկ ու Յակոբ Այվազի մօտաւորապէս քանի մը տասնեակ հազարնոց թատրերգական նկարներէ, թատրոնի մասին հաւաքած յօդուածներէ եւ սփիւռքահայութեան, պոլսահայութեան եւ թուրք թատրերգութեան մասին այլ վաւերագիրներէ բաղկացած արխիւը կը թուայնաշարէի եւ կը դասաւորէի, որպէսզի բոլորին հասանելի ըլլան այս աղբիւրները: Ազգային կեդրոնական վարժարանը աւարտելէս ետք յաճախեցի Պոլսոյ Կալաթասարայ համալսարանը, որ Սարգիս Պալեանի գործով հին պալատ մըն էր։ Քանի մը շաբաթ առաջ ալ այդ պատմական շէնքը այրեցաւ։ Պետութիւնը ծովեզերք գտնուող դպրոցները յատուկ կազմակերպութիւններու տալով կ՚ուզէ զանոնք պանդոկներու վերածել: Այդ հրդեհը անշուշտ դիտմամբ եղած հրդեհ մըն էր, եւ ոչ միայն շէնքը, այլ անոր մէջ գտնուող 6000 առանց օրինակի գիրքերն ալ կրակներուն մէջ մոխիր դարձան: Ասոր նման դէպքեր միշտ կը պատահին Պոլսոյ մէջ։ Կը հաւատայի, որ Պոլսոյ գեղեցկութիւնը օր մը պիտի չկարենան աւրել, բայց կարծես բաւական ճիգ կը թափեն, որպէսզի քար քարի վրայ չձգեն»։ Թ. Թօփարլաք կը շարունակէ. «Պետութիւնը ոչ միայն մեզի կը հարուածէ, այլ բոլոր անոնց, որոնք իրեն դէմ կը բողոքեն։ Անցեալ օրերուն կառավարութիւնը թուրք ընկերաբան Փընար Սէլէքը կենսատեւ բանտարկութեամբ պատժեց այն դատով, որ արդէն երեք անգամ աւարտած էր ամբաստանեալին անմեղ գտնուելով: Բայց Փընար Սէլէքը գործիչ կին մըն է, միշտ կը գործէ առանց անձայն կենալու եւ ատոր համար պետութիւնը կը նեղէ զինք»։
Պոլիսն ու հայկական հարցը

Թապիթա Թօփարլաքի հետ մեր վերջին նամակցութեան մէջ ան կը գրէ. «Հայկական հարցը լուծելու միակ եւ անպայման իրականանալիք պարագան Թուրքիոյ ինքնիր խնդիրը լուծելուն մէջն է: Եթէ այդ խնդիրը լուծուի, արդէն բնականաբար հայկական դատն ալ, քրտական դատն ալ եւ անօրէն ձերբակալումներն ալ վերջ կը գտնեն: Այս պետութիւնը միայն հայերուն թշնամի չէ, այլ անոր, որ իր անարդարութիւններուն դէմ կը պայքարի եւ ճիշդը կը պաշտպանէ։ Ան, որ մարդկային իրաւունքներու ջատագովն է, արդէն իր «թշնամին» է ու «ներքին» կամ «արտաքին» սպառնալիք է: «Մէմլէքէթին» մէջ սարսափի մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Բայց այս «գործը ասանկ չի վերջանար», ժամանակ մը պիտի գայ ու ամէն բան լուծուի։ Ո՞վ կը կարծէ, թէ այն օրը փողոցները լեցնող 300 հազար հոգին միայն հայեր էին. հայերուն մեծամասնութիւնը սարսափահար էր, իսկ այդ փողոցները լեցնողները թուրքեր էին, քիւրտեր էին…»։

«Ամէն օր անդադար փոփոխութիւն ապրող աշխարհի մը մէջ Թուրքիայէն փոփոխութիւն չսպասելը մեկնաբանութեան պակասի ցուցանիշ է։ Կա՛մ այսօր, կամ վաղը, կա՛մ վատ կամ լաւ, բաներ մը անպայման պիտի փոխուին: Ես իբրեւ պոլսահայ մը միշտ կը յուսամ ամենալաւը, թէ՛ իմ ազգիս համար, թէ՛ Թուրքիոյ համար: Երբեմն, բայց, հեռատեսիլներուն ճամբով կարծրատիպերուն եւ ազգայնամոլներուն խօսք հասկցնելու ջանացող մարդոց ջանքը կը տեսնեմ եւ ես կը յոգնիմ: Բայց գիտեմ, որ մեր թափած ջանքը բոլորին համար է եւ «զիրար ուտելով» բան մը չի լուծուիր»։