Ամանորը Սասնայ Գիւղերուն Մէջ

[ A+ ] /[ A- ]

ՊԷՍՍԷ ՔԱՊԱՔ

Նախորդ շա­բաթ սկսած «Աւան­դութիւններ» յօ­դուա­ծաշար­քին ես ալ իմ մաս­նակցու­թիւնը կը բե­րեմ Տա­րօն աշ­խարհի Ամա­նորեայ տօ­նակա­տարու­թիւննե­րու յի­շատա­կու­մով։

Մեր մօտ Ամա­նորը «Տարգլուխ» է։ Նոր տա­րին դի­մաւո­րելու նա­խապատ­րաստու­թիւնը բա­ւակա­նին յոգ­նե­ցու­ցիչ էր չա­փահաս­նե­րու եւ տա­րեց­նե­րու հա­մար, բայց խոս­տո­վանինք թէ երե­խէք ալ ու­նէին իրենց վի­ճակած յոգ­նութեան բա­ժինը։ «Սոր­սո­փի» էր այդ յոգ­նութեան անու­նը, քա­նի որ անոնք իրենց «չօ­չօ»նե­րուն այ­սինքն մեծ մայ­րիկնե­րուն հիւ­սած «բու­ճիկ»նե­րուն այ­սինքն բուրդէ գուլպա­ներուն մէյ­մէկ չո­ւան կա­պելով պի­տի շրջէին տա­նիքէ տա­նիք եւ տան ծխնե­լոյ­զէն վար պի­տի կա­խէին այդ բու­ճիկնե­րը իրենց նո­ւէրը սպա­սելով։ Ան­շուշտ հոս ալ այդ արա­րողա­կար­գին պի­տի միանար օրո­ւայ իմաս­տին պատ­շա­ճող քա­ռեակ­ներ, որոնք ժա­մանա­կի ըն­թացքին հա­յախօ­սու­թեան նա­հան­ջին զու­գա­հեռ այ­լեւս կ՚եր­գո­ւին քրտե­րէնով։

Բա­րեբախ­տա­բար Սաս­նայ տու­նե­րը կա­ռու­ցո­ւած ըլ­լա­լով լե­րան լան­ջին, ճա­կատէն որ նա­յիս երկյար­կա­նի կամ եռ­յարկա­նի են, բայց ետե­ւի կող­մէն տա­նիքը բա­ւակա­նին ցած։ Կը յի­շեմ մեր բար­բա­ռով այդ քա­ռեակ­նե­րէն մին. «Կաղն տոր­տոս, յել­լիմ կանգնիմ տան­քի պո­լոզ, Քա­մին թռցու զիմ քո­լոզ, ել­լէք բա­ցէք զ­ձիր տա­րին, քիչ մը տո­ւէք ձիր մե­ռելին»։

Այս եր­գե­ցողու­թեան հետ բու­չիկնե­րը կը լե­ցուէին շա­րան, ըն­կոյզ եւ չիր ու չա­միչի նման միր­գե­րով։ Հին հա­ւատ­քի հա­մաձայն Տարգլու­խը ինչպէս որ սկսի ամ­բողջ տա­րին ալ այդպէս կ՚ըն­թա­նայ։ Հայր Աբ­րա­համի առա­տու­թեան խոր­հուրդով Տարգլխուն անա­սուննե­րու կե­րը իսկ կը կրկնա­պատ­կո­ւէր։ Մի այլ դժուարու­թիւն էր պահ­քի պար­տադրան­քը։ Չէ որ Տարգլու­խը կը զու­գա­դիպէր Սուրբ Ծնունդեան պահ­քի եր­րորդ օրո­ւան։

Սաս­նե­ցի կա­նանց ճար­պի­կու­թեամբ կը սար­քո­ւէր տօ­նական սե­ղան մը, բո­լորին բու­սա­կան սննդե­ղէնով պատ­րաստո­ւած։ Իսկ ճաշ­կե­րոյ­թը կ՚աւար­տէր Տարգլու­խի պայ­մաննե­րէն հա­մարո­ւող «Տո­լաթ»ի համ­տե­սու­մով։ Իրա­կանու­թեան մէջ «տո­լաթ»ը Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նակա­տարու­թեան աւան­դութիւն մըն է, որ սաս­նե­ցիք կի­րար­կած են Ամա­նորին ալ։ Յա­տուկ խմո­րեղէն մըն է այս, որուն «փոր­նիկ» կո­չուած մի­ջու­կը կը պատ­րաստո­ւի կա­նեփի իւ­ղին մէջ խո­րովուած ալիւր, ըն­կոյզ, չա­միչ ռուպ կամ մեղ­րով շա­ղախո­ւած խառ­նոյթով։ Այս յա­տուկ խմո­րը կը փա­թաթո­ւի ըն­կոյզի տե­րեւ­նե­րով եւ ապա կը դրո­ւի թոն­րի յա­տակը։

Յետ եղեռ­նեան շրջա­նին Սաս­նայ շրջա­նի եկե­ղեցի­ներու մէկ մա­սը թէ­կուզ կի­սաւեր կան­գուն էին։ Բայց չու­նէինք հո­գեւո­րական։ 1938-ի Մնցու­րի շրջա­կայ­քի տա­րագ­րութե­նէն ազ­դո­ւած էր նաեւ Սաս­նայ գիւ­ղե­րը։ Ժո­ղովուրդը հար­կադրուած էր 10-15 տա­րիներ աք­սո­րեալ մնալ օտար քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Վե­րադար­ձին ալ աւե­լի նո­ւազած էր անոնց կրօ­նաբա­րոյա­կան յի­շողու­թիւնը։ Սա­կայն կը յար­գո­ւէր ծննդեան ու­թօ­րեայ պահ­քը եւ Ծննունդին նա­խոր­դող Ճրա­գալոյ­ցը։ Ու­թօ­րեայ պահ­քի աւար­տին կ՚ու­տէին «խուս»։ Խու­սը կը բաղ­կա­նար խա­շած ցո­րենէ ու խո­րոված կա­րագէ։ Ան ալ ու­նէր իր պայ­մա­նը։ խու­սը պի­տի եփէր առա­ւօտո­ւայ կա­նուխ ժա­մուն գե­տէն առ­նո­ւած ջու­րով, որը փո­խադ­րե­լու ժա­մանակ ար­գի­լուած էր խօ­սիլ։ Տնե­ցինե­րը խու­սը ճա­շակե­լէ ետք բա­ժին մըն ալ կը պա­հէին մահ­մե­տական հա­րեւան­նե­րուն հա­մար։ Ձմրան ամե­նացուրտ օրե­րոոն իսկ սաս­նե­ցիք իրենց ներքնա­շորե­րով կը մտնէն շո­րան այ­սինքն առո­ւէն մին­չեւ իրենց տան մօ­տը բե­րած ջու­րով կա­յացած աւա­զանէն սա­փորով ջուր կը լեց­նէին ու դողդղա­լով տուն կը հասցնէին։ Այդ աւան­դոյթը կը կա­տարո­ւէր շատ ան­գամ առանց գի­տակ­ցե­լու թէ կա­տարո­ւածը Յի­սու­սի մկրտու­թեան խոր­հուրդն է։

Արտատպուած՝ Ակօսէն