Տիգրանակերտի Բարեկենդանը

[ A+ ] /[ A- ]

ՍԻԼՎԱ ԷՕԶԵՐԼԻ

Անցեալ­նե­րը երեք քոյ­րեր եր­կար զրու­ցե­ցինք Տի­յար­պե­քիրի մեր հին ապ­րումնե­րու մա­սին։ Նիւ­թե­րը ինքնա­բերա­բար մեզ տա­րին «Լո­լէ»ին, այ­սինքն Ամա­նորի ու ծննդեան ապ­րումնե­րուն։ Վար­դուհի քոյրս պատ­մեց թէ այդ տա­րի Ամա­նորի նա­խոր­դող օրե­րուն հայրս մռայլ էր, տխուր ու մտա­հոգ։ Ձմրան այդ եղա­նակին հօրս նման բո­լոր որմնա­դիր­նե­րու գոր­ծե­րը կը նո­ւազէին։ Ան ալ կը մտմտար ամա­նորեայ սո­վորա­կան ծախ­սե­րը ինչպէս պի­տի դի­մագ­րա­ւէ ըսե­լով։ Յան­կարծ երե­կոյեան ժա­մերուն դու­ռը թա­կուե­ցաւ եւ եկո­ղը իմա­ցուց որ Բժիշկ Ֆաիք Կէօք­սու զինք կան­չած է, տան չես գի­տեր ինչ գոր­ծի մը հա­մար։ Հայրս առա­ւօտուն կա­նուխ ու­րախ տրա­մադ­րութեամբ գնաց աշ­խա­տան­քի, եւ երե­կոյեան տուն վե­րադար­ձաւ Ամա­նորի հա­մար պի­տանի բո­լոր գնումնե­րը շալ­կած բե­րելով։ «Իր դէմ­քին դրոշ­մո­ւած յաղ­թա­կան ու­րա­խու­թիւնը եւ գո­հու­նա­կու­թիւնը եր­բեք չեմ մոռ­նար»։ Այսպէս աւար­տեց այդ յի­շատա­կը, որուն մա­սին նա­խապէս լսած չէի։

Մեր հայ­րե­րը մեծ շա­հեր ապա­հովող գոր­ծեր չու­նէին։ Որմնա­դիր, քար­տաշ, ատաղ­ձա­գործ, դար­բին, պայ­տար, պղնձա­գործ, ջուլհակ, դեր­ձա­կի նման աշ­խա­տան­քի կա­րօտող գոր­ծե­րով կ՚ապա­հովէին իրենց տան ապ­րուստը։ Մշա­կու­թա­յին եւ կրօ­նական աւան­դութիւննե­րու հան­դէպ խիստ բծախնդիր էին։ Կ՚ու­զէին այդ փառ­քե­րը ու սո­վորու­թիւննե­րը ապ­րումնե­րով փո­խան­ցել նաեւ մեզ։ Գի­տէին թէ ազ­գա­պահ­պանման նման դաս­տիարա­կու­թիւնը պի­տի սկսի տան մէջ։

Ու­րեմն կ՚ու­զեմ որ Տի­յար­պե­քիրի հին սո­վորու­թիւննե­րը պատ­մած այս պա­հուն ան­գամ մը եւս խո­նար­հիմ այդ աւան­դը մեզ փո­խան­ցողնե­րու յի­շատա­կին առ­ջեւ։

Տիգ­րա­նակեր­տի Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեցին Առա­ջին Աշ­խարհա­մար­տի տա­րինե­րուն վե­րածո­ւած էր գեր­մա­նական բա­նակի հրա­մանա­տարու­թեան։ Ապա ան գոր­ծա­ծուե­ցաւ իբ­րեւ «Սիւ­մերպանք» հիւ­սո­ւածե­ղէնի գոր­ծա­րանի շտե­մարան։ Բա­րեբախ­տա­բար կող­քի մա­տու­ռը շա­րու­նա­կեց իր առա­քելու­թիւնը, որ հո­գեւոր ծա­ռայու­թեան կող­քին ու­նէր մշա­կոյ­թի յա­րատե­ւու­թեան առու­մով շատ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն մը։

Բար­կենդանք

Տիգ­րա­նակեր­տի բար­բա­ռով բա­րեկեն­դա­նը կը կո­չուի «բար­կենդանք»։ Այս աւան­դա­կան տօ­նի երե­ւոյթնե­րը պէտք է դի­տել հան­րա­պետա­կան եւ նա­խահան­րա­պետակն շրջան­նե­րով։ Կայսրու­թեան տա­րինե­րուն յատ­կա­պէս հայ­կա­կան թա­ղամա­սերու մէջ փո­ղոցա­յին տօ­նակա­տարու­թեան բնոյ­թով կը կազ­մո­ւէին խրախ­ճանքի սե­ղան­ներ՝ թա­ղեցի­ներու մաս­նակցու­թեամբ։ Խնջոյ­քի հա­մար խար­բերթէն կը հրա­ւիրո­ւէին հայ եւ քիւրտ նո­ւագա­ծու­ներ, որոնց յատ­կա­նիշն էր սո­վորա­կանէն բա­ւակա­նին մեծ թմբուկնե­րը։

Այդ շրջա­նին բազ­մա­թիւ հայ­կա­կան դպրոց­ներ կը գոր­ծէին քա­ղաքի մէջ, որոնց իւ­րա­քան­չիւրը հինգշաբ­թի օր իր եր­դի­կին տակ կը տօ­նէր Վար­դա­նան­ցը, որ­­մէ ետք սկսած կ՚ըլ­­լար Բա­­րեկեն­­դա­­­նի ու­­րա­­­խու­­թիւնը որ պի­­տի աւար­­տէր «Պատռման Կի­­րակի»ով։ Ինչպէս տե­­ղական բար­­բա­­­ռի բազ­­մա­­­թիւ օրի­­նակ­­ներ, Պատռման Կի­­րակին ալ ու­­նէր փո­­խաբե­­րական բնոյթ, որ կ՚ակ­­նարկէր մին­­չեւ ճա­­թիլ ու­­տե­­­լու։ Այդ ալ իր կար­­գին հասկնա­­լի էր, քա­­նի որ առ­­հա­­­սարակ մսա­­կեր տիգ­­րա­­­նակերտցիք այդ կի­­րակիէն ետք պի­­տի մատ­­նո­­­ւէին եօթ­­շա­­­բաթա­­նի բու­­սա­­­կերու­­թեան շրջա­­նի մը, որ իրենց հա­­մար հա­­ւասար էր սո­­վամա­­հու­­թեան։ Այ­­լեւս անաս­­նա­­­կան սնունդի մնա­­ցոր­­դա­­­ցէն իսկ ազա­­տուե­­լու տեն­­չով կլա­­յուած սա­­ներու մէջ ըն­­դե­­­ղէնը կամ բան­­ջա­­­րեղէ­­նը պի­­տի եփէր միայն բու­­սա­­­կան իւ­­ղե­­­րով։

Հան­­րա­­­պետա­­կան շրջա­­նին բո­­լորո­­վին փո­­խուած էր քա­­ղաքի հայ բնակ­­չութեան դի­­մագի­­ծը։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան զոհ դար­­ձած բնիկ­­նե­­­րու փո­­խարէն տար­­բեր գա­­ւառ­­նե­­­րէ վե­­րապ­­րածներ ապաս­­տան գտած էին այս պատ­­մա­­­կան քա­­ղաքին մէջ, իրենց վրայ պա­­հելով մօտ ան­­ցեալի ար­­հա­­­ւիր­­քը։ Այս երկչոտ զան­­գո­­­ւածը հա­­մար­­ձա­­­կու­­թիւն չու­­նէր ան­­ցեալի աղմկա­­յարոյց փո­­ղոցա­­յին խրախ­­ճանքնե­­րը կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու։ Ար­­դա­­­րեւ Բա­­րեկեն­­դա­­­նի տօ­­նակա­­տարու­­թիւններն ալ հետզհե­­տէ ստա­­ցան աւե­­լի զուսպ ու առտնի բնոյթ։

Արտատպուած՝ Ակօսէն